Kouynzkouyn Molorageh - the colorful planet
$25.00
«Գոյնզգոյն Մոլորակը» հաճելի ճամբորդութիւն մըն է որ փոքրիկներուն տիեզերքի աշխարհը կ'ուղեւորէ, կախարդական ձեւով եւ մանաւանդ խաղով մը. որ հեքիաթին գլխաւոր հերոսը կը պատրաստէ:
Ամիսներ կը հիւսուէր ու կը քակուէր, ամէն առտու ու գիշեր: Ամենայարմար հագուստը գտնելու, կարելու մեր փոքրիկներու չափին, սիրելու ու սիրուելու, ինչու չէ զարգացնելու իրենց բազմաթիւ յայտնի կամ պահուըտած կարողութիւնները... կենդանացնելով ու մեր լեզուն ապրելով ... հաճելի ձեւով:
Հիւսուած են տրամաբանութիւն եւ երեւակայութիւն՝ հրամցնելու ընթերցող երեխային գիտելիքներ, բայց զգացումներն ալ մէջը կը զարգանան ու իրենց համեստ տեղը գտնեն...իսկ յայտնաբերումը բանալին է որ Գոյնզգոյն Մոլորակը ծանօթանայ միւս մոլորակներուն ալ եւ տիեզերքի գաղտնիքները գիտնայ:
Արդեօք վերջաւորութեան պիտի կարենա՞յ իր նպատակը յաջողցնել: